ARS Toronto Roubina Chapter
Contact information, map and directions, contact form, opening hours, services, ratings, photos, videos and announcements from ARS Toronto Roubina Chapter, Nonprofit Organization, 45 Hallcrown Place, Toronto, ON.
The Toronto “Roubina” chapter, a vibrant organization with over 400 members, supports local, national and international programs as part of the Armenian Relief Society’s mission to promote education, provide social services and empower women.
09/16/2026
Կցուած կը գտնէք ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի 2026-2027 տարեշրջանի Կրթաթոշակ Մրցանակի յայտարարութիւնը, կը խնդրուի տարածել ձեր հարազատներուն եւ բարեկամներուն:
ԺԱՄԿԷՏ՝ 15 Հոկտեմբեր, 2026:
Attached you will find ARS Toronto “Roubina” Chapter’s 2026-2027 Scholarship Award announcement. Please share it with your family and friends.
THE DEADLINE IS OCTOBER 15, 2026.
To apply, please visit our website https://ars-canada.ca/ars-toronto-roubina-chapter-scholarship/
09/12/2026
Երեքշաբթի, 8 Սեպտեմբեր 2026-ին, տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի 2026-2027 տարեշրջանի Անդամական Ա. Ժողովը։
Ժողովի ընթացքին, Ընկհ. Անի Հոթոյեան-Ժոլիին ձեռամբ, Լիա Տէրտէրեանին յանձնուեցաւ մրցանակ-կրթաթոշակը։
Ապա, Ձեռարուեստի Յանձնախումբին կազմակերպած Մարաշի ասեղնագործութեան դասընթացքի աւարտողները ցուցադրեցին իրենց նրբագեղ ձեռագործ աշխատանքները։ Մասնակիցներուն նուիրումն ու աշխատասիրութիւնը արտացոլուած էին իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան մէջ։
Ցուցադրութենէն ետք, դասընթացքի աւարտողները ստացան իրենց վկայագիրները՝ արժեւորելով իրենց ձեռք բերած գիտելիքն ու հմտութիւնը։
Այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը ոչ միայն առիթ հանդիսացաւ նոր հմտութիւններ ձեռք բերելու, այլեւ՝ պահպանելու եւ նոր սերունդներուն փոխանցելու Մարաշի ասեղնագործութեան հարուստ աւանդութիւնը։
09/07/2026
09/02/2026
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը ջերմապէս կը շնորհաւորէ իր մասնաճիւղի անդամ ընկերուհիները՝ Սիլվի Օհանեան, Սոնիա Գրաճեան, Լիզա Շիշոյեան, Սինթիա Ասթարճեան Սարգիսեան եւ Արշօ Աստուրեան, որոնք 1 Սեպտեմբեր 2026-ին արժանացան Օնթարիոյի Կամաւորներու Մրցանակին։
Մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ձեր նուիրուածութեան եւ անշահախնդիր ծառայութեան։ Ձեր կամաւորական ոգին եւ նուիրումը կը հանդիսանան գեղեցիկ օրինակ՝ բոլորիս համար։
Կը մաղթենք, որ այս արժանի գնահատանքը նոր խթան հանդիսանայ՝ շարունակելու ձեր առաքելութիւնը նոյն ոգեւորութեամբ եւ նուիրումով։
Նշենք նաեւ, որ ընկհ. Արշօ Աստուրեան, երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով, չկրցաւ ներկայ գտնուիլ մրցանակներու բաշխման արարողութեան։
The Board of Directors of the Armenian Relief Society “Roubina” Chapter Toronto extends its heartfelt congratulations to members Sylvie Ohanian, Sonia Kradjian, Liza Shishoyan, Cintia Astardjian Sarkissian and Arsho Astourian, who were honored with the Ontario Volunteer Service Award by the Ministry of Citizenship and Multiculturalism on September 1, 2026, at the Toronto Reference Library.
We express our deep gratitude for their dedication and selfless service. Their volunteer spirit and commitment stand as a beautiful example for all of us.
We hope that this welldeserved recognition becomes a new encouragement as they continue their work with the same enthusiasm and devotion.
We also note that ungh. Arsho Astourian, due to being out of the country, was unable to attend the award ceremony.
09/01/2026
Հայկականութեամբ յագեցանք…
Հուրինա Պէրպէրեան Վերտանեան
Տարեշրջանի մը աւարտն է, վազվըզուք եւ անհամար աշխատանք։ Միութենականներ կը վազվզեն, ելոյթներ պիտի ներկայացնեն հանդիսատեսին։ Մէկ տարուան աշխատանքը պիտի բեմականացուի թորոնթոհայ գաղութին եւ յետոյ պիտի փակեն դռները ծառայութեան եւ նուիրումին՝ սեպտեմբերին դարձեալ հանդիպելու յոյսով։
Սեպտեմբերէն մինչեւ մայիս, միութենական աշխատանքներ կը ծրագրուին, Հայ կեդրոնի յարակից եւ ուղեկից բոլոր միութիւնները առանց վարանելու մեղուի աշխատասիրութեամբ օրնիբուն կ'աշխատին։ ՀՕՄ-ականներ, ՀՄԸՄ-ականներ, համազգայնականներ եւ դպրոցակններ բազում ընելիք ունին․ ինը ամիս անդադար կ'աշխատին, անոնցմէ շատեր ելոյթներ պատրաստելով, բեմական աշխատանքներ ծրագրելով, ուտեստներ պատրաստելով եւ ծախելով, ժողովներ կատարելով եւ տակաւին անթիւ եւ անհամար աշխատանքներ, որոնք մեծ սրտով եւ ուրախութեամբ կը կատարեն իրենց վստահուած աշխատանքները։
Մայիսին, հերթականութեամբ կը սկսին ելոյթները։ Գաղութը կը խայտայ հայկականութեամբ, կարծէք օտար ափերու մէջ չենք ապրիր։ Շաբաթական դրութեամբ համերգներ, ելոյթներ, պարային եւ եգչախմբային ներկայացումներ։ Համազգայինի սրահը կը բուրէ հայկականութեամբ։
Հայու նկարագիրն է ծառայել, աշխատիլ եւ յոգնիլ յանուն ազգային սկզբունքներու, միութենական ծրագիրներու իրագործան։ Կարծէք ծառայութեան դաշինքը դրոշմուած է հայու ինքնութեան հետ։
Աշխարհի որ երկիրը երթաս, որ անկիւնը որ հասնիս, ուր որ ալ ճամբորդես, հայը կը գործէ նոյն սկզբունքով. կը սիրէ ծառայել եւ տքնիլ յանուն ազգային սկզբունքին, հայ մնալու, ապրելու եւ հայութիւնը պահելու վեհ նպատակին։
Գանատայի թորոթոհայ գաղութն ալ անմասն չի մնար այս սկզբունքէն։ Միութենականներ իրենց առօրեայի այլազան աշխատանքներէն ետք, շաբթուան գրեթէ բոլոր օրերը կը ծառայեն միութենական գործերուն։ Ծառայութիւնը իր գագանակէտին կը հասնի երբ միութիւններ հանդէս կու գան ելոյթներով եւ զուտ հայկական ձեռնարկներով, որոնք կ'ոգեւորեն թորոնթոհայ գաղութը եւ հայկականութեամբ կը յագեցնեն ժողովուրդը։
Գաղութը եռուն է միութենական ձեռնարկներով։ Առաջներկը մայիսին է, երբ սկիզբ կ'առնէ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի աշակերտական տարեկան երգչախումբի ելոյթը։ Աւելի քան վեց հարիւր աշակերտ-աշակերտուհիներ հանդէս կու գան հայրենասիրական եւ ազգային երգերով։
Անծայրածիր Գանատայի մէջ, զուտ անգլիախօս եւ ֆրանսախօս օտարներու կողքին մենք՝ փոքրաթիւ հայերս, ունինք մեզի պատկանող կառոյց, կեդրոն, հայ եկեղեցի ու դպրոց՝ իր ազգանուէր տնօրէնութեամբ եւ ուսուցչական կազմով, որուն դրոշմը կը տեսնենք, երբ աշակերտներէն իւրաքանչիւրը ուրախ դիմագիծով եւ բարձր տրամադրութեամբ կ'երգէ կամ կը նուագէ ազգային եւ հայրենասիրական երգեր։
Ելոյթի արգասիքը անխոնջ աշխատանքն է մէկ տարուան , երբ աշակերտներ դասապահերու կողքին կ՚ունենան նաեւ երաժշտական դասապահ մը, երբ կը սորվին երգեր եւ կը նուագեն փողային նուագարաններ։
Սպասուած ելոյթներ են դպրոցի երգչախմբային ներկայացումները. ծնողները ուրախութեամբ կը դիմաւորեն իրենց զաւակները, որոնք յաղթական քայլերթով եւ հպարտանքով մուտք կը գործեն սրահ ու եռեակներով կը զարդարեն հայ կեդրոնի սրահի բեմը։
Դաշնամուրի ընկերակցութեամբ ելոյթ կ՚ունենան դպրոցի բոլոր աշակերտները, որոնց երգացանկը անցեալի յուշեր կամ երբեմն քաղցր յիշատակներ կ՚արթնցնէ հանդիսատեսին մօտ։ Ինչպէ՞ս կարելի է որ փողային տասնեակ մը նուագարաններու հնչեղութիւնը ըլլայ այդքան սահուն, լսելի եւ հաճելի։ Աշակերտները հմտօրէն կը նուագեն հանդիսատեսին հրամցնելով հայ երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները, եւ փոխարէնը անսահման ծափողջոյններով կը գնահատուին։
Կարելի չէ հայկականութեան մասին խօսիլ եւ չանդրադառնալ աշակերտական երգչախմբային ելոյթներու յաջորդող Համազգայինի ելոյթներուն, որոնք մեծ հպարտանք եւ հրճուանք կը ստեղծեն հանդիսատեսին մօտ, որ ամէն շաբաթ հայկական ելոյթ մը պիտի վայելէ յագեցնելով իր ծարաւը եւ վերապրելով հայ մշակոյթը։
Համազգայինի ելոյթները ամենայն բծախնդրութեամբ կը հրամցուին հանդիսատեսին․ մեծահասակներն ու փոքրեր ամենայն լրջութեամբ եւ հմայիչ երգեցողութեամբ հանդէս կու գան հայրենասիրական երգերով, որոնք զգուշութեամբ լսելով, երբեմն իրենց հետ երգելով կ՚ապրիս հայ երգի եւ մշակոյթի քաղցրութիւնը։
Համազգայինի պարային ելոյթները տարբեր խանդ ու եռանդ կը ստեղծեն հանդիսատեսին մօտ։ Շուրջպարն ու բերդ պարը, նազ պարն ու մենապարի ներկայացումները հպարտանքի եւ հայու լինելիութեան զգացումը կը սերմանեն դիտողին մօտ։ Փոքրերու ճկուն շարժումները, իսկ մեծերուն արուեստավարժ խաղերը ինքնին արդիւնքն են պարուսոյցի եւ պատասխանատուներու հետեւողական ու բծախնդիր աշխատանքին։
Համազգայինի աշակերտական արտասանական մրցաշարքը մնայուն ծրագիր է աշակերտութեան, որ անգիր եւ արտասանական յատուկ ոճով կը մասնակցի սոյն մրցոյթին ապահովելով պատուաբեր արդիւնքներ։
Ելոյթներու որպէս եզրափակիչ ներկայացում կը հանդիսանայ դպրոցական միջնակարգի եւ երկրորդականի տարեկան աշակերտական հանդէսները։
Խինդ ու բերկրանք կայ բոլորին մօտ։ Մեծ թիւով աշակերտներ շրջանաւարտ պիտի ըլլան ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանէն։ Տարեկան հանդէսը կը վայելէ աշակերտութեան եւ ծնողներու ներկայութիւնը։ Ամէն տարի յատուկ յատկանշական կարգախօսով, բացման խօսքերով եւ ուղերձներով ելոյթ կ՚ունենան աշակերտները։ Արտասանութեան մրցանակով եւ շարադրական նուէրով կը պարգեւատրուին առաջնակարգները։ Վկայուողներ, ծնողներ եւ հիւրեր կը վայելեն խրախճանքի մթնոլորտը։ Գեղեցիկ երեկոյ՝ անմոռանալի յիշատակներով լեցուն։ Խրախճանքին մէջ բնորոշուած է հայկական երաժշտութիւնը, Եարխուշտայի նոյնանման շարժումներով ներկայացուած շուրջպարը աշակերտութեանց կողմէ, օրուան կարկանդակը, որ հայկական արուեստի մարմնացումն է։ Հայ երգի հնչեղութեամբ աշակերտներ բարձր տրամադրութեամբ կը պարեն եւ կամ կ՚երգեն հայերէն երգեր՝ հրաժեշտ տալով դպրոցին, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին։
Տարեշրջանը հասաւ իր աւարտին։ Երկու ամսուան ընթացքին մարդիկ պիտի վայելեն ընտանեկան արձակուրդներն ու ամառնային պտոյտները։ Բարձր տրամադրութեամբ պիտի ներկայանան ամառնային փառատօնին, ուր կերուխումին ընդմէջէն դարձեալ պիտի լսեն եւ վայելեն հայակական երաժշտութիւն հայ երգիչներու կատարողութեամբ։
Ովկիանոսներ հեռու, գանատական հողերու վրայ ունինք ամբողջական իրաւունքը մնալու, ապրելու եւ գոյատեւելու որպէս հայ։ Անսահման է կարելիութիւնը ունենալ դպրոց, կեդրոն եւ եկեղեցի ու պահել հայ մշակոյթը։ Ազատ ես խօսելու, մտածելու եւ գործելու հայօրէն։ Գաղութ մը, որ հայկականութեամբ յագեցած է։ ֍
***
Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի օգոստոս 2026 ( #228) թիւին մէջ:
09/01/2026
Միացէք մեզի՝ ոգեկոչելու մեր պատմութեան հսկաները։ Այս տարի Տոհմիկ Օրուայ ձեռնարկը ձօնուած է Հայ Ազգային Հերոսներուն՝ այն անձնուէր հոգիներուն, որոնք ոչ միայն ականատեսը եղան պատմութեան, այլեւ իրենց նուիրուածութեամբ կերտեցին զայն։ Եկէք միասնաբար յարգենք այն ժառանգութիւնը, որ մինչեւ այսօր կը բնորոշէ մեր ազգը։
Join us for an unforgettable event dedicated to the giants of our history. We gather to honour the Armenian National Heroes—those courageous souls who did not just witness history but forged it with their devotion. Let’s celebrate the legacy that continues to define our nation today.
08/19/2026
ՀՕՄ-ի ամառնային ճամբարը՝ թորոնթոհայ պատանիին ջերմ ու հարազատ օճախը
Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան
Ամառը մանուկին եւ պատանիին համար միայն հանգիստի եւ խաղի եղանակ չէ, այլ նաեւ նոր գիտելիքներու, բարեկամութիւններու եւ ինքնութեան ամրապնդման գեղեցիկ առիթ։ Երբ այդ ամառը կը շաղախուի ազգային ոգիով, մայրենի լեզուով, հայկական երգով ու պարով, ստեղծագործ աշխատանքով եւ համախմբուած համայնքային կեանքով, ան կը վերածուի անմոռանալի փորձառութեան։ Այս առաքելութիւնը տարիներէ ի վեր սիրով եւ նուիրումով կը շարունակէ իրականացնել Հայ օգնութեան միութեան Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ամառնային ճամբարը, որ դարձած է մեր համայնքի մանուկներուն եւ պատանիներուն սիրելի ու սպասուած իրադարձութիւններէն մէկը։
Այս տարուան ՀՕՄ-ի ամառնային ճամբարի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 8 յուլիսին, Հայ երիտասարդական կեդրոնի ՀՄԸՄ-ի մարզասրահին մէջ, բազմաթիւ հիւրերու, հոգեւորականներու, համայնքային ղեկավարներու, ծնողներու եւ ճամբարականներու ներկայութեամբ։
Բացման հանդիսութեան ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ ճամբարի տնօրէնուհի Լալա Պարտագճեան, որ ողջունեց ներկաները՝ ՀՕՄ-ի ամառնային ճամբարի անձնակազմին եւ յանձնախումբին անունով։ Ան յատուկ պատիւ համարեց ներկայութիւնը Սքարպօրօ-Էյճինքորթի՝ Գանատայի դաշնակցային խորհրդարանի անդամ Ճին Յիփի եւ Սքարպօրօ-Էյճինքորթի՝ Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանի, ինչպէս նաեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տ. Տաթեւ աւ. քհն. Միքայէլեան, ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան, ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան, ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի կրթական մարմինի ու տնօրէնութեան, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ծնողներուն եւ բոլոր հիւրերուն։
Տնօրէնուհին իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ ՀՕՄ-ը հաւատարիմ իր վեհ նշանաբանին՝ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար», աւելի քան հարիւր տասնվեց տարիներէ ի վեր անխոնջ ծառայած է հայ ժողովուրդին՝ նորոգուած ոգիով, նուիրուածութեամբ եւ երիտասարդական խանդավառութեամբ։
Ան ընդգծեց, որ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի առաջնահերթ նպատակներէն է նոր սերունդին հայեցի ու ազգային դաստիարակութիւնը, մայրենի լեզուի պահպանութիւնը, հայկական մշակոյթի, պատմութեան եւ ազգային արժէքներու փոխանցումը թորոնթոհայ մատղաշ սերունդին։
Ընկերուհին յիշեցուց, որ Ամառնային ճամբարին գլխաւոր առաքելութիւնը ամռան արձակուրդի ընթացքին հայ մանուկներն ու պատանիները համախմբելն է ապահով, կազմակերպուած եւ հայրենաշունչ միջավայրի մը մէջ, ուր անոնք կը մասնակցին կրթական, մշակութային, մարզական եւ ժամանցային բազմաբնոյթ ծրագիրներու՝ միաժամանակ ամրապնդելով իրենց ազգային ինքնութիւնը եւ հայրենասիրական գիտակցութիւնը։
Ան նաեւ ուրախութեամբ տեղեկացուց, թէ ճամբարը տարուէ տարի կը շարունակէ արձանագրել կայուն աճ, ինչ որ վկայութիւնն է ծնողներու վստահութեան, անձնակազմին եւ կամաւորներուն նուիրեալ աշխատանքին, ինչպէս նաեւ ճամբարին կրթական ու ազգային առաքելութեան յաջողութեան։
Իր խօսքին մէջ տնօրէնուհին անդրադարձաւ նաեւ ամիսներ շարունակ տարուած նախապատրաստական աշխատանքներուն՝ նշելով, որ 2026 տարեշրջանի ծրագիրը մշակուած է մեծ հոգածութեամբ, որպէսզի համատեղէ կրթութիւնը, ազգային դաստիարակութիւնը, մարզանքը, ճատրակը, արուեստը, ձեռային աշխատանքները, ստեղծագործական զարգացումը եւ ուրախ ժամանցը։
Ճամբարը իր դռները բացած է 29 յունիսին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 21 օգոստոս՝ փորձառու խորհրդատուներու, նուիրեալ դաստիարակներու եւ կամաւորներու անմնացորդ ծառայութեամբ։
Իր առօրեայ գործունէութեամբ ճամբարը իսկապէս կը մարմնաւորէ այդ տեսլականը։ Առաւօտները կը սկսին հայկական օրհներգով եւ առաւօտեան հաւաքով, այնուհետ եւ ճամբարականները կը բաժնուին իրենց համապատասխան տարիքային խումբերու ծրագիրներուն։ Մայրենի լեզուի ծրագիր, հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի ծանօթացում, ազգային երգ ու պար, ձեռային աշխատանքներ, նկարչութիւն, թատերական խաղեր, ճատրակ, գիտական եւ ստեղծագործական արուեստանոցներ, մարզական խաղեր եւ խմբային մրցումներ կը կազմեն օրուան հարուստ ծրագիրը։ Այս բոլորը կը նպաստեն, որ երեխաները ո՛չ միայն հաճելի ամառ մը անցընեն, այլ նաեւ զարգացնեն իրենց կարողութիւնները, սորվին համագործակցիլ, նոր ընկերութիւններ կազմեն եւ աւելի սերտ կապ հաստատեն իրենց հայկական ինքնութեան հետ։
Ճամբարին մէջ կը տիրէ սիրալիր, ընտանեկան եւ ջերմ մթնոլորտ, ուր իւրաքանչիւր մանուկ կը զգայ իրեն արժեւորուած, պաշտպանուած եւ սիրուած։ Այդ մթնոլորտին ստեղծման մէջ անգնահատելի է ներդրումը տնօրէնութեան, խորհրդատուներուն, ուսուցիչներուն, կամաւորներուն եւ վարչական կազմին, որոնք իրենց ամբողջ նուիրումով կը ծառայեն ճամբարին յաջողութեան։
Իր խօսքի աւարտին Լալա Պարտագճեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան՝ շարունակական վստահութեան եւ աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ բոլոր հովանաւորներուն՝ իրենց առատաձեռն նիւթական օժանդակութեան համար։ Յատուկ երախտագիտութեամբ ան դիմեց ծնողներուն՝ շեշտելով, որ իրենց վստահութիւնը մեծ պատիւ եւ նոյնքան մեծ պատասխանատուութիւն է ճամբարի ամբողջ կազմին համար։
Տնօրէնուհիին խօսքին ընթացքին, մասնակցող իւրաքանչիւր խումբ իր ներկայութիւնը հաստատեց կանչերով։ Անոնք բարձրաձայնեցին իրենց խումբերուն անունները՝ Արցախ, Ստեփանակերտ, Մարտունի, Մարակերտ, Շահումեան, Գետաշէն, Շուշի, Հադրութ եւ Ասկերան։
Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Անի Հոթոյեան-Ժոլիի խօսքով։ Ան ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ ճամբարի երկարամեայ առաքելութեան։ Ան յիշեցուց, որ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ամառնային ճամբարը սկսաւ 1970-ին, որպէս ամառնային դպրոց եւ 1994-ին վերածուեցաւ ամառնային ճամբարի, ատենապետուհին ընդգծեց, որ այս հարուստ աւանդութիւնը շարունակաբար կը ծառայէ համայնքի մատղաշ սերունդին ապահովելու հայաբոյր միջավայր մը։
Ընկերուհի Հոթոյեան-Ժոլի գոհունակութեամբ նշեց, որ «այս տարի՝ Ամառնային ճամբարի գործունէութեան 57-րդ տարուան ընթացքին, կը շարունակենք տրամադրել այս ապահով եւ անվտանգ միջավայրը, ուր մեր երեխաները կրնան խաղալ եւ սորվիլ՝ շրջապատուած հոգատար հայ կամաւորներով, խնամակալներով եւ տնօրէնուհիով»։ Ան շեշտեց, որ ճամբարը ոչ միայն ամառնային զբաղում է, այլ նաեւ այն վայրը, ուր երեխաները կը մեծնան ազգային միջավայրի մէջ։
Ան ուրախութեամբ նկատել տուաւ, որ արդէն մէկ շաբաթէ ի վեր անոնք կը վայելեն ճամբարային կեանքը՝ միասին խաղալով, նոր գիտելիքներ ձեռք բերելով եւ մասնակցելով հետաքրքրական պտոյտներու։
Ընկերուհին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նաեւ ծնողներուն՝ ըսելով. «Շնորհակալ ենք, որ ձեր վստահութեան արժանի դարձած ենք», վստահեցնելով, որ ճամբարի տնօրինութիւնը ամբողջ ամառուան ընթացքին պիտի շարունակէ սերտ կապ պահպանել ընտանիքներուն հետ եւ պատրաստ պիտի ըլլայ արձագանգելու անոնց հարցումներուն ու կարիքներուն։
Աւարտին ան բոլորին մաղթեց ապահով, ուրախ եւ յաջող ճամբարային շրջան՝ մաղթելով, որ ամառնային այս օրերը լեցուին գեղեցիկ յիշատակներով, նոր բարեկամութիւններով եւ ազգային ոգիով։
Ապա իրենց ողջոյնի պատգամները փոխանցեցին երեսփոխաններ Ճին Եիփն ու Արիս Պապիկեանը, որոնք վկայագրեր յանձնեցին ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Անի Հոթոյեան-Ժոլիին։ Հանդիսութեան աւարտին իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց տ. Տաթեւ աւ.քհն. Միքայէլեան ու մաղթեց, որ ճամբարը շարունակէ սնել հայ մանուկներու եւ պատանիներու հոգիներն ու միտքերը ազգային արժէքներով։
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Ամառնային Ճամբարը այսօր աւելի քան երբեք կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ դաստիարակելով գիտակից, ինքնավստահ եւ ազգային արժէքներով զինուած նոր սերունդ մը։ Ան կը մնայ այն գեղեցիկ կամուրջը, որ ամռան անհոգ օրերը կը կապէ հայ ինքնութեան, մշակոյթի եւ հայրենասիրութեան անսպառ աղբիւրներուն՝ վստահեցնելով, որ մեր վաղուան սերունդը պիտի շարունակէ հպարտօրէն կրել իր հայկական ինքնութիւնը։ ֍
***
ARS Summer Camp opens to hundreds of participants for another season full of culture and fun
TORONTOHYE—For children and teenagers, summer presents a valuable opportunity for recreation, learning, and personal growth. For over five decades, the Armenian Relief Society (ARS) Summer Camp has offered a vibrant environment where local youth build lifelong friendships and deepen their cultural roots.
Guided by the organization's enduring motto, "With my people, for my people," the initiative began in 1970 as a summer school before evolving into a comprehensive day camp in 1994. Now celebrating its 57th year of programming, the camp continues to experience steady annual growth, reflecting the trust of local families, the dedication of volunteers and staff, and a collective commitment to heritage preservation across the GTA.
Running from late June through late August at the Armenian Youth Centre, the curriculum carefully balances cultural education with traditional summer recreation. Each morning begins with a camp-wide assembly and the national anthem, after which campers divide into age-specific groups proudly named after historically significant towns and regions. The daily schedule features a diverse range of activities designed to engage campers intellectually, artistically, and physically. Interactive language instruction, history modules, traditional folk music, and heritage dance anchor the morning curriculum.
Throughout the afternoon, campers participate in hands-on arts and crafts, painting, theatre games, competitive chess matches, and introductory science workshops. Physical health and social development are equally prioritized through team sports, outdoor games, group competitions, and local field trips. Through these varied experiences, children develop personal confidence, learn the value of collaboration, and build a lasting connection to their heritage.
This season's official opening ceremony took place on July 8 in the Armenian Youth Centre’s Homenetmen Gymnasium, bringing together a large crowd of campers, parents, clergy, and community leaders. Camp Director Lala Bardakjian delivered the opening remarks, welcoming attendees on behalf of the staff and organizing committee while highlighting the meticulous months of preparation behind the 2026 program. She extended special greetings to several distinguished guests, including Scarborough–Agincourt Member of Parliament Jean Yip, Member of Provincial Parliament Aris Babikian, and Rev. Archpriest Fr. Datev Mikaelian of St. Mary Armenian Apostolic Church, alongside representatives from various community organizations.
During her address, the director emphasized the society's more than 116 years of service and thanked parents for entrusting the camp with their children. The energy in the hall peaked during the traditional roll call, as each camper group enthusiastically shouted its assigned regional name to announce its presence.
The ceremony continued with remarks from Ani Hotoyan-Joly, Chair of the ARS Toronto Roubina chapter executive, who reflected on the camp's evolution from a modest summer school into a cornerstone of the community. She expressed deep gratitude to the families for their ongoing trust, assuring them that the administration would maintain close communication throughout the summer season. Following her address, MP Jean Yip and MPP Aris Babikian delivered formal greetings and presented official congratulatory certificates to the executive chair in recognition of the organization's enduring community impact. The event concluded with a blessing from Rev. Archpriest Fr. Datev Mikaelian, who wished the campers and staff a safe, joyful, and enriching summer filled with lasting memories. ֍
***
Այս թղթակցութիւնները լոյս տեսած են «Թորոնթոհայ»-ի օտոստոս 2026 ( #228) թիւին մէջ:
07/28/2026
Չորեքշաբթի, 15 Յուլիս 2026-ին, ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը կազմակերպեց գնահատանքի երեկոյ մը, մասնաճիւղին 2025-2026 տարեշրջանի բոլոր յանձնախումբերուն մէջ իրենց գործօն մասնակցութիւնն ու ներդրումը բերած Ընկերուհիներուն համար: Ներկայ էին 85 կամաւորներ։
Երեկոն սկիզբ առաւ Ընկհ. Անժելիք Աստուրեան Գիրիճեանի բարի գալուստի խօսքով, ապա` Ընկհ. Անի Հոթոյեան-Ժոլին, մասնաճիւղի վարչութեան անունով, երախտագիտութիւն յայտնեց ընկերուհիներուն եւ բարձր գնահատեց անոնց նուիրեալ աշխատանքը։ Ան վստահեցուց բոլորին, որ իրենց համագործակցութեան շնորհիւ մասնաճիւղը արձանագրեց նշանակալի յաջողութիւններ եւ յաջողութեամբ իրագործեց ՀՕՄ-ի ծրագիրները։
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ ընթրիքի հիւրասիրութիւնը, որմէ ետք ընկերային յանձնախումբին պատրաստած հաճելի խաղերուն եւ քարաոքէի յայտագիրին շնորհիւ ընկերուհիները անմոռանալի ու յիշարժան ժամեր անցուցին։
Իւրաքանչիւր յանձնախումբ ունեցաւ իր յիշատակի խմբանկարը՝ ընկերուհի Սուզան Քէօշկէրեանին կողմէ պատրաստուած պարտէզի գեղեցիկ լուսանկարչական յատուկ խորապատկերին առջեւ։
Աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատումն ու քաղցրեղէնի եւ սուրճի հիւասիրութիւն։ On Wednesday, July 15, 2026, the ARS Toronto Roubina Chapter Board hosted an appreciation evening to recognize the dedicated volunteers who served on the chapter's committees during the 2025–2026 term. The event was attended by 85 volunteers.
Click here to claim your Sponsored Listing.
Category
Address
45 Hallcrown Place
Toronto, ON
M2J4Y4