Aztag Daily

Aztag Daily

Share

Ազդակ օրաթերթ | Armenian daily newspaper in Lebanon since 1927

15/05/2026

«Տունս Քաղցր Ա» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն
Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի երիտասարդ մասնագէտներու յանձնախումբին, համագործակցութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի վարժարաններու շրջանաւարտներու յանձնախումբին, հինգշաբթի, 7 մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Տունս քաղցր ա» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:

Նախքան ժապաւէնին ցուցադրութիւնը` Լիբանանի երիտասարդ մասնագէտներու եւ Լիբանանի վարժարաններու շրջանաւարտներու յանձնախումբերուն անունով արտասանուեցան հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով խօսքեր, որոնց մէջ համառօտ կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ` ժապաւէնի բովանդակութեան, անոր մարդասիրական պատգամին եւ արցախահայութեան ապրած ծանր իրականութեան:

Շարունակութիւն՝

https://www.aztagdaily.com/archives/687836

15/05/2026

ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբ. Պասքեթպոլի 3-րդ Դիրքի Մրցումները. Վաղը Աթլեթի, Իսկ Կիրակի` Հեծելարշաւի Մրցումները
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը իր 2025-2026 տարեշրջանի աշխատանքը կը շարունակէ այս շաբաթավերջին:

Խմբային խաղերու անցեալ շաբթուան արդիւնքներէն ետք յայտնուեցան աւարտականի հասնող խումբերը, ինչպէս նաեւ ճշդուեցան 3-րդ դիրքի մրցումները:

Աթլեթիզմի մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ վաղը առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, մինչ հեծելարշաւի մրցումները տեղի պիտի ունենան կիրակի օր Մարինա Տըպպայէի մէջ, առաւօտեան ժամը 8:00-էն սկսեալ:

Շարունակութիւն՝

https://www.aztagdaily.com/archives/687911

15/05/2026

Պայրագտարեան Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ տոքթ. Իշխան Եղիայեանի:

Պատուիրակութիւնը նախարարին ներկայացուց իր աշխատանքային ծրագիրը եւ այս տարուան ընթացքին կատարելիք ձեռնարկները, որոնք պիտի աշխուժացնեն միութեան կեանքը եւ մեկնարկեն մարմնակրթական ու սկաուտական ոլորտներուն մէջ արդիւնաւէտ աշխատանքը:

Պայրագտարեան շնորհաւորեց նորընտիր շրջանային վարչութիւնը, վստահութիւն յայտնեց անոր անդամներուն այդ ծրագիրները յաջողցնելու կարողութեան նկատմամբ եւ անոնց յաջողութիւն մաղթեց:

Նախարարը նաեւ իր հիւրերը դրաւ մթնոլորտին մէջ այն բարեփոխումներուն, զորս նախարարութիւնը կը կատարէ երիտասարդական եւ մարմնակրթական մակարդակներուն վրայ, ինչպէս նաեւ ներկայացուց այն ծրագիրները, զորս նախարարութիւնը գործադրեց, եւ այն պատրաստ ծրագիրները, որոնց գործադրութեան համար կը սպասուի երկրի կացութեան հանդարտեցումը:

Խուզարկուեցաւ «Հայաստան» Դաշինքի Սպիտակի Գրասենեակը 15/05/2026

Խուզարկուեցաւ «Հայաստան» Դաշինքի Սպիտակի Գրասենեակը
Փտածութեան դէմ պայքարի կոմիտէն 14 մայիսին խուզարկեց ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքի Սպիտակի գրասենեակը:

«Հայաստան» դաշինքը յայտարարութեամբ մը դատապարտեց կատարուածը` յայտարարելով, որ խուզարկութիւնը խորքին մէջ փորձ է խոչընդոտելու իրենց բնական աշխատանքը:

Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ.

«Սպիտակի մեր գրասենեակում տեղի ունեցող գործողութիւնները եւ մեր խմբակիցներին թիրախաւորումը անակնկալ չէ: Իրաւապահ համակարգի նմանօրինակ գործելաոճը վաղուց արդէն դարձել է գործող վարչախմբի ձեռագիրը:

Շարունակութիւն՝

Խուզարկուեցաւ «Հայաստան» Դաշինքի Սպիտակի Գրասենեակը Փտածութեան դէմ պայքարի կոմիտէն 14 մայիսին խուզարկեց ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքի Սպիտակի գրասենեակը: «Հայաստան» դաշինքը յայտարարութեամբ

Դաւիթ Բաբայեան Բանտէն Կ՛ահազանգէ Իր Իրաւունքներու Կոպիտ Խախտման Մաս� 15/05/2026

Դաւիթ Բաբայեան Բանտէն Կ՛ահազանգէ Իր Իրաւունքներու Կոպիտ Խախտման Մասին
Դաւիթ Բաբայեանը վերջին շաբաթներուն ընթացքին ազրպէյճանական բանտէն երրորդ հայն է, որ կ՛ահազանգէ իր իրաւունքներուն կոպիտ խախտման մասին. միջազգային եւ նոյնիսկ ազրպէյճանական օրէնքները չեն գործեր:

«Կոչ կ՛ուղղեմ բոլորիդ օգնելու մեզի այս ուղղութեամբ` համայն հայութեան եւ բարի կամքի տէր մարդոց», նշած է Արցախի նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը` աւելցնելով. «Ո՞վ կ՛իմանայ, թէ վաղը ի՛նչ պիտի ըլլայ հետս, որպէսզի դուք տեղեակ ըլլաք` ընդհանուր առմամբ ի՛նչ կը կատարուի»:

Շարունակութիւն՝

Դաւիթ Բաբայեան Բանտէն Կ՛ահազանգէ Իր Իրաւունքներու Կոպիտ Խախտման Մաս� Դաւիթ Բաբայեանը վերջին շաբաթներուն ընթացքին ազրպէյճանական բանտէն երրորդ հայն է, որ կ՛ահազանգէ իր իրաւունքներուն կոպիտ խախտման մասին. միջա

14/05/2026

Փառք Այն Երիտասարդութեան, Որուն Պայքարի Զրահը Վիգէնն Է*
«Ես կ’ուզեմ Արարատը, Հայաստանը, կ’ուզեմ ազատ, անկախ ու գեղեցիկ Հայաստանը, կ’ուզեմ տեսնել զայն, համբուրել այն հողը, որուն մէջ կան հայ գիւղացիին, հայ զինուորին, հայ թագաւորին, հայ յեղափոխականին արիւնն ու քրտինքը:

«Կ’ուզեմ այդ հողէն, կ’ուզեմ, որ ան միշտ մնայ գրպանիս մէջ, հոգ չէ թէ ան աղտոտէ հագուստներս, որովհետեւ անոր աղտոտութիւնը պիտի չերեւի, այլ անիկա աւելի պիտի մաքրէ հագուստներս եւ ուղիղ ճամբան ցոյց տայ ինծի»:

ՎԻԳԷՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆ

34 տարիներ առաջ, մայիսեան այս օրերուն, հայկական լեռնաշխարհի վրայ կը կատարուէր հարսանիք մը, կը կերտուէր սխրագործութիւն մը, որուն արձագանգը պիտի հասնէր աշխարհի չորս դին: Հարսանիք մը, որ արմատապէս պիտի փոխէր Հայոց պատմութիւնը եւ պիտի ըլլար անկիւնադարձային թուական մը, որ ահա կը յիշուի 34 տարիներ անց:

Շարունակութիւն:

https://www.aztagdaily.com/archives/687719

14/05/2026

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչում ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տան Մէջ
«Պահանջատէր` մինչեւ արդար հատուցում» խորագիրով, նախաձեռնութեամբ ՔԱՀԼ-ի տնօրէնութեան, ուրբաթ, 24 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչում` աւելի քան 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին:

Առաւօտեան կանուխ ժամերուն մամիկներն ու պապիկները արդէն իսկ սկսած էին պատրաստուիլ: Նախաճաշէն անմիջապէս ետք անոնք հանդարտօրէն սկսան համախմբուիլ սպասման վայրը. զիրար ողջունելով` սկսան զրուցել Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին մասին: Ապա եռագոյն դրօշները ի ձեռին, «Պայքար` մինչեւ յաղթանակ» բացագանչելով ուղղուեցան հոն, ուր զետեղուած էր Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած խորհրդանշական յուշակոթողը:

Շարունակութիւն՝

https://www.aztagdaily.com/archives/687713

14/05/2026

Ակնարկ. Չինաստանէն Սիւնիք Եւ Նախընտրական Հայաստան
Միացեալ Նահանգներու նախագահը Չինաստան կը մեկնի, առանց լուծած ըլլալու Իրանի հետ իր հակամարտութիւնը: Ճիշդ է, որ լայնածաւալ գործողութիւնները դադրած են, մեծ հաշուով հրադադարը կը պահպանուի սահմանափակ ծովային գործողութիւններով հանդերձ, այդուհանդերձ համաձայնութիւնը չէ գոյացած, եւ միջնորդաւորուած բանակցութիւնները կը շարունակուին: Չկայ Հորմուզի շուրջ ընդհանուր գործարք, ինչ որ անլոյծ կը պահէ հակամարտութիւնը եւ կ՛արգելակէ համաձայնագիրի արձանագրումը:

Շարունակութիւն՝

https://www.aztagdaily.com/archives/687777

13/05/2026

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ներկայացուցիչները Այցելեցին «Ազդակ»
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` ատենապետ տոքթ. Իշխան Եղիայեան, անդամներ` Հրայր Սէյիսեան եւ Զաւէն Տէր Պետրոսեան, 13 մայիսին այցելեցին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ տեսակցեցան տնօրէնութեան ու խմբագրութեան հետ:

Շրջանային վարչութեան անդամները ներկայացուցին ընթացիկ տարուան ՀՄԸՄ-ի ծրագիրները` մայիսեան փառատօն, ՄիջՀՄԸՄ-ական խաղեր, բանակումներ, ԼԵՎԱՄ, մարզական նախաձեռնութիւններ եւ տարբեր աշխատանքներ: Ապա անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ մասնաճիւղերու լայնատարած գործունէութեան:

Շարունակութիւն՝

https://www.aztagdaily.com/archives/687663

13/05/2026

Ճակատագրական Ընտրութիւն
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Ինչպէս յայտնի է, Հայաստան կը պատրաստուի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն, որոնք պիտի կայանան 7 յունիս 2026-ին: Ընտրութիւնը համամասնական դրութեամբ է, այսինքն` ընտրողները կը քուէարկեն ի նպաստ ցուցակներու: Ցուցակները կրնան ներկայացնել առանձին կուսակցութիւններ կամ կուսակցութիւններու դաշինքներ: Խորհրդարան մուտք ունենալու համար առանձին կուսակցութիւն մը պէտք է ապահովէ քուէներու չորս տոկոսը (4%), իսկ դաշինքը` ութ տոկոս (8% ): Կը կարծուի, որ ընտրութեան ներկայացող ցուցակներէն միայն չորսը կամ հինգը միայն հնարաւորութիւն ունին նուաճելու խորհրդարան մուտքի շէմը:

Շարունակութիւն՝

https://www.aztagdaily.com/archives/687575

13/05/2026

Ծովային շրջանում հարաբերական զսպվածություն է. Շահան Գանտահարյան
Տարածաշրջանում ստեղծված իրավիճակի մասին «Նոյյան Տապան»-ը զրուցել է քաղաքական վերլուծաբան Շահան Գանտահարյանի հետ։

Տարածաշրջանում ստեղծված իրավիճակը ինչպե՞ս կբնութագրեք։

Տարածաշրջանի վրա այսօր այնպիսի քաղաքական մշուշ է պատել, որ իրադարձությունների ընթացքը դժվար է հստակ գնահատել։ Նույն օրվա ընթացքում Վաշինգտոնից հնչում են ոչ միայն տարբեր, այլ նույնիսկ իրար հակասող հայտարարություններ։ Մի պահ հայտարարվում է, թե պատերազմն ավարտված է, ապա խոսվում է հիմնարար համաձայնության մոտ լինելու մասին, իսկ դրանից անմիջապես հետո կրկին շրջանառվում են Իրանի դեմ կոշտ սպառնալիքներ։ Միևնույն ժամանակ շարունակվում են Թեհրան–Իսլամաբադ–Վաշինգտոն ուղղությամբ դիվանագիտական շփումներն ու փոխադարձ այցելությունները։ Այժմ էլ Վաշինգտոնը դժգոհություն է հայտնում իրանական վերջին առաջարկից։

Շարունակութիւն՝

https://nt.am/am/news/353981/

Want your business to be the top-listed Media Company in Beirut?
Click here to claim your Sponsored Listing.

Category

Website

https://linktr.ee/aztagdaily, https://aztagarabic.com/

Address

Shaghzoyan Cultural Center , Bourj Hamoud
Beirut

Opening Hours

Monday 08:00 - 18:00
Tuesday 08:00 - 18:00
Wednesday 08:00 - 18:00
Thursday 08:00 - 18:00
Friday 08:00 - 18:00
Saturday 08:00 - 14:00